Search
Close this search box.

Պաշտպանենք անկախությունը՝ Հայաստանը հեռու պահելով տարածքային ամբողջականությունը խաթարող բոլոր տեսակի զիջումներից. Արամ Ա

Please enter a valid URL

Մեծի տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Ա-ն ուղերձ է հղել ՀՀ անկախության օրվա կապակցությամբ:

«Այսօր 21 Սեպտեմբեր է. Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրն է. այլ խօսքով, սովորական օր չէ՛, պէտք չէ՛ ըլլայ իւրաքանչիւր հայու եւ ողջ հայութեան համար։ Մեր պատմութեան ընթացքին Հայաստանի անկախութեան համար պայքարեցանք, ստեղծագործեցինք, նոյնիսկ արիւն թափեցինք այն խոր գիտակցութեամբ, որ անկախութիւնը Աստուածատուր իրաւունք է եւ, հետեւաբար, սրբազան արժէք է եւ անոր անվթար պահպանումը ու պաշտպանութիւնը պարաւորութիւնն է իւրաքանչիւր հայու։

Այսօր, երբ կը նշենք անկախութիւնը Հայաստանի, հարկ է անդրադառնալ, թէ ի՞նչ է մեր պարտաւորութիւնը ու իրաւունքը անոր նկատմամբ։ Այսօ՛ր մանաւանդ, երբ կը նայինք անկախ Հայաստանին, կ՚անդրադառնանք, որ ան ահաւոր տագնապներով է շրջապատուած, ներքին թէ արտաքին, հեռաւոր թէ մօտաւոր։ Տագնապներ, որոնք կրնան խախտել Հայրենիքին անկախութեան հիմերը, նոյնիսկ հարցականի տակ առնելով անոր ինքնանկախ գոյութիւնը։ Ճի՛շդ է, պէտք չէ յուսահատ ու յոռետես ըլլալ. սակայն, իրապաշտ արժեւորումը Հայաստանին պարզած ներկայ կացութեան մեզ կ՚առաջնորդէ իրատեսութեան եւ, անկասկած, իրատեսութիւնը մեզ պէտք է մղէ հաւաքական կամքով ու գիտակից յանձնառութեամբ պաշտպանելու Հայաստանի անկախութիւնը՝ զայն հեռու պահելով անոր հողային ամբողջականութիւնը ու անվտանգութիւնը խաթարող բոլոր տեսակի մօտեցումներէ, զիջումներէ ու համաձայնագրերէ։

Եկեղեցին բոլոր ազգերու կեանքին մէջ միշտ եղած է անկախութեան կողքին՝ զայն նկատելով իր առաքելութեան էական տարածքներէն մէկը։ Այսպէս եղած է մանաւանդ հայ եկեղեցին մեր ազգի պատմութեան ընթացքին՝ գործնապէս արտայայտելով իր ամուր կեցուածքը այն բոլոր փորձերուն նկատմամբ, որոնք կրնային խաթարել Հայրենիքին անկախութիւնը։ Նայինք մեր անցեալին, որպէսզի կարենանք Հայրենիքի ներկան արժեւորել եւ համապատասխան մօտեցումներ ճշդել՝ անոր անկախութիւնը աւելի ամուր հիմերու վրայ դնելու սրբազան նախանձախնդրութեամբ։

Հետեւաբար, մեր ժողովուրդին միասնակամութիւնը համահայկական օրակարգի մը շուրջ՝ ոյժերու համախմբումով եւ մեր հաւաքական վճռակամութեան ամրացումով աւելի քան հրամայական է մեր պատմութեան վճռադրոշմ այս հանգրուանին։

Ա՛յս է պատգամը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին»,-ասված է ուղերձում: