Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը (ԱՍԱԼԱ) կը գոյժէ, վաղամեռիկ ընկեր Վահան Վերվերեանի անժամանակ կորուստը, որ օրեր առաջ տեղի ունեցաւ Ժընեւի իր բնակարանին մէջ:
Ընկեր Վահան Վերվերեան՝ նուիրեալ ու անձնազոհ, կտրիճ ու պարտաճանաչ ընկերոջ օրինակելի կերպար էր, որ մեր կազմակերպութեան շարքերուն ընդմէջէն, տասնամեակներու վրայ երկարող անխոնջ պայքարի բովով անցաւ՝ նուիրուելով ազգի ու հայրենիքի անօտարելի իրաւունքներու վերատիրացման պայքարի վեհ գործին:
Յարմար պահուն, անվտանգութեան նկատառումները հաշուի առնելով, պիտի անդրադառնանք՝ յանուն ազգին ու հայրենիքին կատարած իր ծառայութիւններուն:
Հանգիստ յոգնաբեկ իր ոսկորներուն:
Յիշատակը անմար՝ ազգային — ազատագրական պայքարի նահատակ մեր ընկերներուն:
Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ